Լրատուական մարզէն ներս աշխատող յարգելի հաստատութիւններ, պաշտօնակիցներ, եւ հայրենակիցներ:
Շաբաթ մը առաջ հրկիզուեցաւ նորաբաց «Ռատիօ Սեւան»-ը, Պէյրութի Մար էլիաս շրջանին մէջ: Այս հարցի գծով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց որոնք մեզի հետ զգացին, ցաւեցան, եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին, ըլլան անոնք կազմակերպութիաններ, հաստատութիւններ կամ անհատներ:
Այս հանգրուանին անհրաժեշտ է որոշ ճշդումներ կատարել, որպէսզի մէկ անգամ ընդմիշտ յստականայ պատկերը եւ վերանայ շփոթը:
Ա. «Ռատիօ Սեւան»-ի տնօրէնութիւնը, 8 Մայիս 2008-ի կէսօրէ ետք մօտաւորապէս ժամը 5.00-ին,ապահովական աղբիւրներէ իմացաւ, որ Հըզպալլայի զինեալներ ծրագրած են խուժել ռատիոկայանը: Տնօրէնութեան որոշումով անձնակազմի անդամները , դուրս եկան կայանէն , առանց իրենց հետ վերցնելու նոյնիսկ իրենց անձնական իրերը:
Բ. Քանի մը ժամ ետք, դէպի «Ռատիօ Սեւան» հռթիր մը արձակելէ ետք, Հըզպալլայի զինեալներ խուժեցին ներս եւ հրկիզեցին զայն: Ըստ մասնագէտներու, կրակը սկսած էր ամէնէն ծայրը գտնուող սենեակէն եւ հասած՝ մինչեւ մուտքը: «Ռատիօ Սեւան»-ին կից գտնուող «Ռատիօ Շարք»-ը, նոյն վնասները չէ կրած. անոր վնասները շատ աւելի նուազ են: Հետեւաբար, շատ դիւրաւ կարելի է եզրակացնել, որ այս յարձակումին թիրախը եղած է «Ռատիօ Սեւան»-ը:

Գ. «Ռատիօ Սեւան» չի գտնուիր Մուսթաքպալ Հոսանքի լրատուական կեդրոնական գրասենեակներու շէնքերու մէջ:
Դ. «Ռատիօ Սեւան»-ը հայալեզու չէ միայն ինչպէս շատ մը լրատուական միջոցներ փորձեցին ներկայացնել հանրութեան : «Ռատիօ Սեւան»-ը հայկական կայան է. Լիբանանի քաղաքականութեան մէջ ան ունի իր գիծը եւ սկզբունքները, որոնց մէջ ամէնէն հիմնականը մարդկային ամէնէն տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցն է: «Ռատիօ Սեւան»-ը կը հաւատայ խօսքի ազատութեան, թափանցիկութեան, ժողովրդավարութեան, կարծիքի ազատութեան, հանդուրժողութեան: Ինչպէս նաեւ համայնքային համակեցութեան, եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած ազգային համերաշխութեան: Անոնք որոնք պատուիրեցին այս արարքը, յստակ է, որ շատ հեռու են վերոյիշեալներէն:
Ե. «Ռատիօ Սեւան»-ի հրկիզուած գրասենեակներէն կարելի եղաւ դուրս բերել քանի մը գործիք միայն, մնացեալ բոլոր գործիքները եւ կահոյքը լրիւ անգործածելի դարձած են:
Զ. Պէտք է իմանան բոլոր անոնք, որոնք կատարեցին կամ սատարեցին այս արարքի գործադրութեան, որ «Ռատիօ Սեւան»-ի անձնակազմը եւ տնօրէնութիւնը զաւակներն են ժողովուրդի մը, որուն պատմութիւնը լեցուն է զինք հպատակցնելու փորձերով (սկսած Վարդանանցէն, հասնելով թրքական եաթաղաններուն, ստալիններուն եւ մերօրեայ բռնատէրներուն), որոնք միշտ ալ ձախողութեան մատնուած են:
Է. «Ռատիօ Սեւան»-ը արդէն իսկ վերսկսած է իր աշխատանքներուն եւ մօտ օրէն հայութեան կը վերադառնայ իր յայտագիրներով եւ ծրագիրներով:
Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնենք, բոլոր անոնց որոնք հեռաձայնով, ե-նամակով, հեռատիպի, մամուլի ճամբով դատապարտեցին այս արարքը եւ զօրակցեցան «Ռատիօ Սեւան»-ին:

Շնորհակալութիւն
«Ռատիօ Սեւան»-ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմ
16 մայիս 2008, Լիբանան

Permanent link:  http://www.armpress.com/armpress/2008/05/20/1122/

Comments

Comments are closed.

    Thursday, 20 November 2008
  • Admin

  • Calendar

    • May 2008
      M T W T F S S
      « Apr   Jun »
       1234
      567891011
      12131415161718
      19202122232425
      262728293031  
  • Archives

  • Links

  • Adv